2016-12-02 09:05:00

2 դեկտեմբերը` Ստրկութեան վերացման պայքարի միջազգային օրն է


(Ռատիօ Վատիկան) Ամէն տարի դեկտեմբերի 2-ին կը նշուի Ստրկութեան վերացման պայքարի միջազգային օրը, որ կը նշէ 2 դեկտեմբեր 1949-ին, ՄԱԿ-էն որդեգրուած մարդկանց երրորդ անձերու առեւտուրի եւ մարմնավաճառութեան համար շահագործման դէմ պայքարի համաձայնութիւնը։

Նոյնիսկ մեր առաջադէմ դարու մէջ, համայն աշխարհի մէջ ստրկութեան արգիլումին հանդերձ, տակաւին գոյութիւն ունի ան, ու անոր հիմքը կը մնայ միշտ մէկ մարդու որդեգրած խտրականութիւնը իր նմանին նկատմամբ: 

Հարկադիր աշխատանք, սեռական ստրկութիւն, ռազմական գերութիւն, ընտանեկան ստրկութիւն, մարդկանց առեւտուր եւ այլն՝ ասոնք ենք ահա ժամանակակից ստրկութեան տեսակները:

Այդ պատճառով կառավարական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները, իրաւապահ մարմիններն ու այլ կառոյցները, ջանքեր կը թափեն ոչ միայն նման դէպքեր բացայայտելու եւ կանխարգիլելու, ինչպէս նաեւ տուեալ յանցագործութեան կազմակերպիչ անձերը  քրէական գործով հետապնդելու` այլ նաեւ` օգնելու այդ ստրկութեան երեւոյթի թիրախ դարձած անձերոուն, զանոնք վերականգնեցնելու, եւ անոնց դարձնելուարժանապատուութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.